Մարալ Շէօհմէլեան
Հայկական աւանդոյթի եւ մշակութային արժէքներու հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը ժառանգութեամբ մեզի փոխանցուած է մեր մեծ մայրերէն որոնց շնորհիւ մատղաշ տարիքէն սկսած եմ իւրացնել հայկական եւ այլ ասեղնագործութիւններու տեսակները ։Սուրիական պատերազմի պատճառաւ Հայաստան հաստատուելով մինչ այդ զբաղումի եւ իմ տան հարդարանքին համար կատարած աշխատանքս վերածուեցաւ եկամտաբեր գործունէութեան։Ստանալով ժողովրդական վարպետի կոչում ՝ոգեւորութեամբ կը շարունակեմ իմ առաքելութիւնը «Պահպանել աւանդոյթը եւ զայն տարածել նորարարական մոտեցումով»։ թաղիքագործութեան եւ ասեղնագործութեան համադրութեամբ կը պատրաստեմ պայուսակ,հագուստ,գլխարկ,կոշիկ, զարդեր, տոնածառի խաղալիքներ,Զատկուայ հաւկիթներ,սփռոցներ եւ վերջապէս արծաթէ զարդեր։ Մշակոյթի նախարարութեան հրավէրով միջազգային փառատօներու մասնակցութիւնս բերած եմ ուր հայկական ձեռարուեստի գանձերը ներկայացուցած տարբեր ազգերու մոտ ինչպիսին են՝Շարժայի փառատոնը,հնդկաստանիՍուրաճկունտ փառատոնը եւ Ուաշինկթընի Սմիթսոմիան փառատոնը ։
Վարելով դասընթացքներ արդի սերունդին կը փոխանցեմ հայկական մշակոյթի գանձերը։
Տեղին է յիշել որ աշխատասէր նպատակասլաց մարդուն համար արգելքներ գոնութիւն չունին ,կը մնայ միայն նախասիրութիւններուն ընդառաջել եւ առմատներուն կառչած մնալ ,ծաղկիլ ու ծաղկեցնել շրջապատը։
Yerevan | Armenia
Երևան | Հայաստան
Ереван | Армения